2009-02-06 12:50:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը` Նիճերիոյ եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։


Նիճերեան կը հաշուէ շուրջ 150 միլիոն բնակիչ, անոնցմէ շատերը մահմետական եւ հոգեպաշտ են։ Նիճերեան կազմուած է 250 տարբեր ցեղախումբերէ։ Նիճերիոյ եկեղեցին ամենէն շատ եպիսկոպոսներ ունի Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ, հաւատացեալներու թիւը տարուէ տարի կը շարունակէ աճիլ, նոյնպէս եւ քահանայական ու կրօնաւորական կոչումները։ Միջկրօնական գետնի վրայ Նիճերիոյ կաթողիկէ եկեղեցին յանձնառումով կը գործէ ընկերութեան խաղաղ համակեցութեան, եւ լուրջ երկխօսութիւն հաստատած է իսլամութեան հետ։ ՜՜Մեր կանոնաւոր հանդիպումներու ընթացքին կ՛աշխատինք դիմագրաւել ընկերութեան պարզած մարտահրաւէրները. լաւ կառավարութիւն նաեւ աղքատութիւնը, հիւանդութիւնը եւ պայքար սիտայի դէմ։ Ապա հոգեւոր գետնի վրայ կը հիմնուինք բոլոր այն բարոյական արժէքներու վրայ որ կը բաժնեն երկու կրօնները ու անոնց հիման վրայ կ՛աշխատինք դիմագրաւել մարտահտրաւէրները՝՝։ Յայտնենք թէ փետրուար ամսոյն ընթացքին՝ ամբողջ ամիսը՝ Նիճերիոյ 60 եպիսկոպոսները անհատաբար տեսակցութիւն պիտի ունենան Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին հետ եւ փետրուար 14ին Նորին սրբութիւնը հանդիպումին ընթացքին ճառ մը պիտի արտասանէ ուղղուած անոնց։



- Նուիրեալ կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու համաշխարհային 13-րդ օրուան առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հրաւիրեց Նուիրեալ Անձերը հետեւելու Պօղոս առաքեալի օրինակին։ Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ հեթանոսներու առաքեալը Նուիրեալ Անձերու նման կ՛ապրէր կրօնաւորական 3 ուխտերը` աղքատութիւնը, ողջախոհութիւնը եւ հնազանդութիւնը։ Սրբազան Քահայանապետը Պօղոս առաքեալի մէջ ճանչցաւ կարողութիւնը համադրելու հոգեւոր կեանքը միսիոնարական ներգործութեան հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.